ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Հետեւելով Ներկայացուցիչներու տան օրինակին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հինգշաբթի, 14 Մարտին, նոյնպէս պաշտօնապէս մերժեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը, որուն նպատակն էր Քոնկրեսի կամքը ոտնակոխելով՝ գումարներ խլել այլ ծրագիրներէ Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցելու համար: Թրամփի որոշումին դէմ քուէարկեցին 59 ծերակուտականներ, ներառեալ 12 հանրապետականներ։
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Թրամփ յայտարարեց, թէ վեթոյի իրաւասութիւնը պիտի օգտագործէ Քոնկրեսին կամքը անտեսելու համար, նկատի ունենալով, որ քոնկրեսականները նախագահական վեթօն շրջանցելու համար հարկաւոր քուէներուն երկու երրորդը ապահովելու հաւանականութիւնը չունին։
Սակայն, հարցը նաեւ կը քննարկուի դաշնակցային դատարաններու մէջ, եւ վերջնական որոշումը հաւանաբար տրուի դատարաններուն կողմէ: