ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» համերգաշարին 14րդ տարեշրջանի հինգերորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):
«Ակնածանք» խորագրուած այս համերգը նուիրուած է հունգարացի յայտնի յօրինող Կիորկի Քուրթակին, եւ ընթացքին պիտի ներկայացուի անոր գլուխ գործոցներէն՝ «Երաժշտական Պահեր» ստեղծագործութիւնը, որ յօրինուած է լարային քառեակի համար, ինչպէս նաեւ անոր ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը։
Պիտի կատարուի նաեւ համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումները Արթուր Աւանէսի՝ «Լարային քառեակ»ին եւ Միշել Պետրոսեանի «Լիպեր Սեքրեթորում Հենոք» լարային քառեակին:
Համերգին գլխաւոր մենակատարներն են՝ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Էնտրու Մըքինթաշ (ջութակ), Չէ Են Չեն (ջութ), Քոլմըն Իցքոֆ (թաւջութակ) եւ Ռիչըրտ Վալիթութօ (դաշնամուր)։
Համերգին տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար: Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել
www.dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: