Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու կոչուած KAICIID-ի (King Abdullah bin Abdulaziz International Centre for Interreligious and Intercultural Dialogue) Գործադիր մարմինը, 2019 տարուան առաջին նիստը գումարեց Լիբանանի մէջ, 1 եւ 2 Մարտ 2019ին: Ժողովին մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. թագաւորին անունը կրող միջկրօնական յարաբերութիւններու Վիեննայի մէջ գտնուող կեդրոնին բարձրաստիճան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու եւ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Յիշեալ Գործադիր մարմինին մաս կը կազմէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Սոյն ժողովներուն մեր Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը կը ներկայացնէ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Օրակարգի վրայ դրուած զանազան նիւթերու քննարկումէն ետք, ժողովականները համաձայնութիւն գոյացուցին 2019 տարեշրջանին գործադրուելիք հետեւեալ առաջարկներուն շուրջ.
ա) Շարունակել կազմակերպել մասնագիտական դասընթացքներ ու սեմինարներ՝ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան սկզբունքները եւ երկխօսութեան մշակոյթը տարածելու նպատակաւ, մասնաւորաբար նոր սերունդին մօտ.
բ) Դատապարտելի եւ պատիժի արժանի արարք նկատել կրօնաւորներու իսլամ-իսլամ կամ քրիստոնեայ-իսլամ հակաքարոզները, որոնք ատելութիւն եւ գրգռութիւն կը սերմանեն: Այս գծով այցելութիւն տալ հոգեւոր պետերու, ապա յատուկ օրէնք մը մշակել խորհրդարանին մէջ.
գ) Աշխատանք տանիլ վերատեսութեան ենթարկելու այն օրէնքները, որոնք նոր եկեղեցիներ շինելու արգելք կը հանդիսանան Միջին Արեւելքի մէջ.
դ) Պաշտպանել կրօնական սրբավայրերը եւ հաստատութիւնները՝ յարձակումներու թիրախ չդարձնելու նպատակով:
ե) Կապ հաստատել լրատուական միջոցներու պատասխանատուներուն հետ կրօնական բնոյթ ունեցող լուրերը ոչ-գրգռիչ, այլ հաւասարակշռուած ոճով ներկայացնելու համար: