ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի «Քրիստափոր» կոմիտէին, Ուրբաթ, 8 Մարտի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, բեմադրիչ եւ դերասան Նարեկ Դուրեան ներկայացուց «Շէնքում Իրավիճակ Ա Փոխուել» նոր կատակերգութիւնը:
Սոյն կատակերգութեան նիւթը կը խօսի անցնող տարուան Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն, այլ խօսքով՝ թաւշեայ յեղափոխութեան մասին, որ բեմականացուած է հաճելի ու սրամիտ ոճով, նաեւ կ՛ուղղէ յատուկ պատգամներ:
Կատակերգութեան դերասանները՝ Արտակ Մանուկեան, Թամարա Պետրոսեան, Գարիկ Միրզոյեան, Տաթեւ Միրումեան, Թելման Առաքելեան, Սիրանուշ Երիկեան, Կարէն Միրիջանեան եւ Ռուզաննա Մանուչարեան Նարեկ Դուրեանի աշակերտներն են, որոնք ստանձնած են թատերական քուլիսային աշխատանքը, լոյսի եւ ձայնի սարքաւորումը եւ ներկայացման վերաբերող այլ աշխատանքներ: