«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ատրպէյճանի բանակը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կը կատարէ՝ յարձակողական գործողութիւններու փորձարկման ծրագիրներով:
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները հանդէս կու գան յայտարարութեամբ, որուն մէջ անուղղակիօրէն կը քննադատեն հայկական կողմի դրած պահանջը՝ Արցախը ներգրաւելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ:
Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան հրապարակային սպառնալիքներուն լոյսի տակ, վերոնշեալ զոյգ զարգացումները կրնան մօտալուտ այլ գործողութիւններու նախանշաններ ըլլալ:
Համանախագահներուն յայտարարութիւնը ողջունած Ատրպէյճանը կրնայ նոր պատերազմի ձեռնարկելու կանաչ լոյս նկատել զայն եւ հերթական արկածախնդրութեան մը նետուելու անհեռատես քայլին դիմել:
Բնական է, որ հայկական կողմը լուրջի պիտի առնէր այս զարգացումները եւ պիտի պատրաստուէր հակազդելու: Այս մթնոլորտին մէջ, Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարելու որոշումը կարելի չէ պատահական նկատել:
Հայաստան եւ Արցախ, իրենց պաշտպանութեան ուժերով եւ իրենց դիւանագիտական միջոցներով՝ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական քայլերու բարձրագոյն պատրաստուածութեան վիճակի մէջ պէտք է ըլլան եւ են: Մեզի համար ալ ազգային անվտանգութեան այդ արտահերթ նիստը ազդանշան պէտք է նկատուի՝ զօրաշարժի պատրաստ ըլլալու, տեղեկատուական եւ քաղաքական-յարաբերութիւններու աշխատանքներու մեր բաժինը յառաջ տանելու այս ափերուն վրայ:
Պահը կը թելադրէ, որ յատկապէս Ատրպէյճանին պատգամ յղուի ազգային մեր միասնական ու անվերապահ յանձնառութեան մասին: Մենք կանգնած ենք մեր պետութեան կողքին՝ արտաքին որեւէ յարձակում դիմագրաւելու: Մենք մեր յաղթական բանակի թիկունքը հզօր կը պահենք: Ներազգային միւս բոլոր հարցերը այս պահուն երկրորդական են:
Աս գրութիւնը հայելին է Դաշնակցութեան դիրքին, որ ծանօթ է ընտրութիւններէն առաջ ալ, վերջն ալ: Հայաստանի նոր իրականութիւնը եւ եղածները չեն կրնար եւ պէտք չէ մոռցնել տան ասի, եւ մեր ժողովուրն ալ պէտք է յիշէ, որ Դաշնակցութիւնը ասանկ նպատակներու համար եղած կուսակցութիւն է, փրփուր չէ, որ կը մարի հօհօշա-ին, քոնկրէսին, հանրապետականին եւ ուրիշներու պէս