ՊՈԼԻՍ.- Համայնքիս սիրուած դէմքերէն մէկն է Սեզար Աւետիքեան որ մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ համացանցի վրայ հեղինակը դարձաւ «Աւետիքեան Բառարան» կայքէջին եւ հազարաւոր օգտատէրերու տրամադրութեան տակ դրաւ այդ օգտաշատ ծառայութիւնը։ Յետոյ, աւելի՛ ընդարձակելու համար «Աւետիքեան բառարան»ի գործածութեան դաշտը, Սեզար Աւետիքեան այդ կայքէջը հասանելի դարձուց նաեւ գրպանի խելացի հեռաձայններու վրայ ներբեռնումով։ Հիմա այլեւս շատեր «Աւետիքեան Բառարան»ը ներբեռնած են իրենց հեռաձայններուն մէջ եւ կ՛օգտուին անկէ՝ անհրաժեշտ պարագային։
«Աւետիքեան Բառարան»ի իրագործումներէն մէկը դարձաւ հայաշխարհէն ներս ծանօթ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի մենախօսութիւնները քաղաքիս մէջ կազմակերպելու ծրագիրը։ Սեզար Աւետիքեան, երեք տարի զբաղելէ ետք այս հարցով, ի վերջոյ հասաւ իր նպատակին ու իրականացուց իր գաղափարը՝ Պոլիս հրաւիրելով Պէրպէրեանը։
6 Մարտին կայացաւ «Ուրեմն» անունով առաջին մենաներկայացումը, իսկ երէկ (Հինգշաբթի. 7 Մարտին) զուարճախօսութիւնը կրկնուեցաւ։ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» սրահը դարձեալ լեփ-լեցուն էր ու հարիւրաւորներ եկած էին դիտելու «Ուրեմն»ը։
Բացման խօսքը արտասանեց Սարին Ագպաշ, որ ամփոփ տողերով անդրադարձաւ «Աւետիքեան Բառարան» կայքէջին, յետոյ խօսեցաւ Պէրպէրեանի մասին ու ծափերու տակ բեմը թողուց հիւր զուարճախօսին։
«Ուրեմն» ներկայացման առանցքը սուտն ու անկէ բխող հետեւանքներն էին, սուտի կապուած պատմութիւններ։ Ինչպէս ինք նշեց, սուտը մարդկային կեանքին մէջ ամէնուրեք է. յարաբերութիւններու, ընտանիքներու, առօրեայի մէջ։ Վահէ Պէրպէրեան իր սրամիտ, նաեւ ծիծաղաշարժ ու դիպուկ դիտարկումներով ներկայացուց կեանքի զանազան ասպարէզներու մէջ պատահած ինչ-ինչ դէպքեր, որոնք ի ցոյց կը դնեն մեր կենսակերպի անհեթեթ երեսակները։
Արուեստագէտը երգիծանքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ինչ-ինչ յատկանիշներուն ու սովորութիւններուն, հայ ընտանիքներու իւրայատուկ կողմերուն, ծիծաղի նիւթ դարձուց ընկերային ցանցերը, որոնք ներկայիս «գլած-տարած են» հազարաւորներ։
Մենախօսութիւնը բաւական յանդուգն մօտեցումներով ձաղկեց նաեւ՝ ինքնախաբէութիւնը կրօնքին մէջ։ Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ յայտագիրէն ետք հիւր արուեստագէտը իր ներկայացումներու տեսաերիզները ստորագրեց փափաքողներուն։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»