Ատրպէյճան կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ջանքերը՝ արդիւնաւէտ եւ աշխոյժ բանակցութիւններու միջոցով: Այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա՝ մեկնաբանելով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ յառաջիկային տեղի ունենալիք Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին մասին. կը հաղորդէ «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
«Ատրպէյճան հակուած է բանակցային հոլովոյթին եւ միշտ պատրաստ է բանակցութիւններու: ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն այս յայտարարութիւնը ազդակ է Հայաստանի համար, եւ մենք այդ կ՛ողջունենք: Տագնապի լուծման բանակցութիւնները կ՛ընթանան Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ: Բանակցութիւններու ձեւաչափը պէտք է անփոփոխ մնայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ անընդունելի է Արցախի ներգրաւումը բանակցային հոլովոյթին: