ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սթոքհոլմի խաղաղութեան հիմնահարցերու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը (SIPRI) հրապարակեց աշխարհի մէջ սպառազինութեան առեւտուրին վերաբերեալ իր նոր զեկոյցը, որուն համաձայն, աշխարհի տարածքին, զէնքերու հիմնական մատակարարները կը մնան Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան:
Ատրպէյճանի մասին զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ անիկա սպառազինութիւն գնող երկիրներուն մէջ 23րդ դիրքը կը գրաւէ: Պաքու իր սպառազինութեան 51 տոկոսը կը գնէ Ռուսիայէն, 43 տոկոսը՝ Իսրայէլէն, իսկ 2.8 տոկոսը՝ Թուրքիայէն:
Իսրայէլէն սպարազինութիւն գնող երկիրներուն մէջ Ատրպէյճան երկրորդ դիրքը կը գրաւէ:
Ընդհանուր առմամբ, սպառազինութեան մատակարարման աճ նկատուած է Միջին Արեւելքի մէջ, մինչդեռ միւս տարածաշրջաններուն մէջ՝ նուազած է:
Ըստ զեկոյցին՝ սպառազինութեան մեծագոյն ներածողներն են՝ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Իսրայէլ, Քաթար եւ Իրաք: