«ԱՍՊԱՐԷԶ»
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան շուրջ, Թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ, յաճախակի կերպով սկսած էին դժգոհելու ատրպէյճանական իշխանութիւնները: Կարելի է նոյնիսկ Ապրիլեան պատերազմի ատրպէյճանական արկածախնդրութիւնը վերագրել այդ դժգոհութեան՝ զինեալ ուժով հարցին «լուծումը» արագացնելու փորձին:
Բանակցութիւնները նոր ձեւաչափով շարունակելու, Արցախը բանակցութեան սեղան բերելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պայմանը կամ նախապայմանը նոր իրավիճակ ստեղծած է արդէն եւ Մինսկի միջնորդութիւնը վերագնահատելու ու անոր վերադառնալու նոր մթնոլորտ ստեղծած է նոյն ատրպէյճանական ղեկավարութեան մօտ:
Եւրոպական յանձնաժողովի Հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններուն հարցերու Եւրոմիութեան յանձնակատար Եոհանս Հան ուղղակիօրէն դէմ արտայայտուեցաւ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխելու գաղափարին: Նոյն մօտեցումը ցուցաբերեց ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի: Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեց Հանի յայտարարութեան նկատմամբ: Մամետեարով եւս Մինսկի խումբի միջնորդական առաքելութիւնը պաշտպանող յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ:
Այս մեկնակէտէն կարելի է ենթադրել, որ Փաշինեանի մարտավարութիւնը բանակցութիւններու ձեւաչափին վերաբերեալ Ատրպէյճանին մղած է նահանջի, Մինսկի շումբի միջնորդութիւնը վերագնահատելու եւ զայն իբրեւ կարգաւորման ճանապարհ ընդունելու: Կը թուի, թէ Ատրպէյճան նոյնիսկ անուղղակի սպառնալիքներով՝ կը փորձէ Փաշինեանի վրայ ճնշում բանեցնել, որ մօտիկ ժամանակներու սպասուող Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ան փոխէ Արցախը բանակցութեան սեղան բերելու իր պայմանը: Անուղղակի սպառնալիքը Մարտ 11-15ին ծրագրուած ատրպէյճանական ուժերու լայնածաւալ ռազմափորձի տեսքով կը ներկայանայ:
Եթէ ուզենք նոր իրավիճակ ստեղծող Փաշինեանի մարտավարութիւնը գնահատել, պէտք է արժեւորենք, թէ մինչեւ այսօր Մինսկի խումբի միջնորդութիւնը հայկական կողմին օգուտ տուա՞ծ է, թէ վնաս: Այո, ոչ պատերազմի ոչ խաղաղութեան մէջ ապրած է շրջանը եւ Արցախի ժողովուրդը, վերջնական լուծման մը նոյնիսկ հեռանկարը չերեւիր հորիզոնին վրայ, բայց այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին Արցախ ժամանակ ունեցած է ամրապնդելու իր պետականութիւնը, ուժեղացնելու իր պաշտպանողականութիւնը եւ անհեթեթ դարձնելու որեւէ վերադարձ նախկին կարգավիճակին:
Վատ չէ:
Զգոյշ ըլլալու է. չմոռնալ երբեք որ դիմացը կանգնած է մէկը որ խաբեբայ եւ նենգ է: Ռազմափորձերը հայկական պատրաստութիւնը փորձելու համար չեն, այլ պատրուակ մը յարձակելու համար: