ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, 5 Մարտին, կաթողիկոսարանի ճարտարապետները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին ճշդուեցան թանգարանի վերանորոգման ու վերադասաւորման վերաբերող աշխատանքներուն ընթացքը:
Յայտնենք, որ թանգարանին բացումը կատարուած էր 30 Մարտ 1998ին:
Թանգարանի վերանորոգման աշխատանքներուն իր նիւթական մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան: