ԵՐԵՒԱՆ.- «Ակբա-Կրեդիտ Ագրիկոլ» դրամատան եւ Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան (NABU) կողմէ համատեղ իրականացուող «օրգանական գիւղատնտեսութեան զարգացման» ծրագիրով՝ 2018ին Գերմանիա արտածուած հայկական «Սարի Թէյ» ընկերութեան բուսական թէյերը արդէն վաճառքի դրուած են գերմանական TeeGschwendner ընկերութեան առցանց հարթակով եւ խանութներու ցանցով:
Այս տարի, BIOFACH միջազգային օրգանական սնունդ արտադրողներու ցուցահանդէսին ատեն ընթացած բանակցութիւններուն շնորհիւ, նոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ արտածումը շարունակելու եւ արտածուող արտադրանքի ծաւալները մեծցնելու ուղղութեամբ: