ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայաստանի ազգային հերոս, պաշտպանութեան առաջին նախարար, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
5 Մարտին կը լրանայ վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60ամեակը, եւ սոյն առիթով է, որ Եռաբլուր այցելեցին նախագահ Արմէն Սարգսեան, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան, Ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան, պատգամաւորներ ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: