Կիրակի, Փետրուար 24, 2019ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին սովորական կիրակի օրերէն աւելի խճողուած էր: Ազգայիններ եւ մանաւանդ Հայ Օգնութեան Միութեան անդամուհիները եկեղեցի ժամանած էին ներկայ գտնուելու հին եւ նոր ննջեցեալ ՀՕՄուհիներու հոգւոյն հոգեհանգիստի արարողութեան:
Տէր Ռազմիկ քահանայ Խաչատուրեան իր քարոզին մէջ յայտարարեց ՀՕՄի «Անահիտ» եւ «Լոռի» մասնաճիւղերու հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգեհանգստեան արարողութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի՝ Փետրուար ամսուան վերջին Կիրակին:
Յաւարտ Սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց մատաղի օրհնութիւնը, Աւետիսեան սրահէն ներս՝ կազմակերպուած ՀՕՄի ժրաջան վարչականներու եւ նուիրատուութեամբ՝ ՀՕՄուհիներու:
Յուզիչ էր պահը. մատաղի օրհնութեան աւարտին սարկաւագաց դասը եւ դպրուհիները խմբերգեցին «Կիլիկիա»ն, ապա ՀՕՄուհիները երգեցին ՀՕՄի քայլերգը:
ՀՕՄուհիները խաղաղ հոգիներով եւ գոհ սրտով վերադարձան իրենց տուները:
Վարձքը կատար բոլոր ՀՕՄուհիներուն:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀՕՄԻ «ԱՆԱՀԻՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ