– Թրքական «Քատիր Հաս» համալսարանի կողմէ կատարուած ընդարձակ հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն՝ թուրքերուն 81.9 տոկոսը երկրին թշնամի կը նկատեն Ամերիկան։ Թշնամի նկատուած երկիրներու ցանկին մէջ կայ նաեւ Հայաստանը, սակայն Ամերիկայէն ետք Թուրքիոյ համար սպառնալիք նկատուող միւս երկիրներն են՝ Իսրայէլ, Սուրիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, եւ Յունաստան։
– Միացեալ Նահանգներու մէջ «ստրկութիւն»ը կամ «ոչ կամաւոր սպասարկութիւն»ը կը շարունակեն պատիժներ մնալ 23 նահանգներու քրէական օրէնսգիրքերուն մէջ։