ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 28 Փետրուարին, Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան լրագրողներու յայտնեց, որ անցեալ տարի համաներումով ազատ արձակուած 581 անձերէն 58ը դարձեալ յանցագործութիւն կատարած է:
«Համաներումով ազատուածներից շուրջ 58ը կատարել են յանցագործութիւն: Կատարուել է յանցագործութեան 104 դէպք: Դրանք եղել են տարբեր տեսակի յանցագործութիւններ», ըսաւ Օսիպեան:
Օսիպեան նշեց, որ յանցագործութեան դէպքերու որոշ աճ արձանագրուած է, սակայն ոչ այն աստիճանի, որ անհանգստացնէ: