ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) հովանիին տակ գործող Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը, համագործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի «Ալֆա Կամա Ալֆա» ընկերակցութեան՝ կազմակերպած է Կանանց Միջազգային Օրուան նուիրուած «Հայ կիներ. Սահմաններու քանդում» խորագրուած ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Մարտին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (75 E. Santa Anita Avenue, Burbank, CA 91502)։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսներն են՝ յայտնի հեղինակ Սոնա Սիմոնեան Զէյթլեան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց վարիչ Հուրի Պէրպէրեան եւ Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի անդամ Մերի Մանուկեան։
Ներկայացումներուն ընթացքին բանախօսները պիտի կեդրոնանան տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին հայ կանանց փորձառութիւններու, դերակատարութեան եւ դիմադրելու ուժին վրայ։
Սոնա Զէյթլեան պիտի խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակին, անոր ընթացքին եւ անոր անմիջապէս յաջորդող տարիներուն վրայ, մինչ Հուրի Պէրպէրեան պիտի քննէ Հայաստանի երկու հանրապետութիւններու տարիները։ Իր կարգին, Մերի Մանուկեան պիտի խօսի ներկայի Հայաստանի ու Սփիւռքի մասին։
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ պիտի վաճառուին Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի նախաձեռնած եւ «Վերջ Կանանց Բռնութեան» պատգամը կրող շապիկներէն, որոնց հասոյթը կը տրամադրուի Հայաստանի մէջ կանանց դէմ բռնութեանց վերջ դնելու համար պայքարող երկու կազմակերպութիւններու՝ «Կանանց աջակցման կեդրոն»ին եւ «Հասարակութիւն առանց բռնութեան», որոնք նաեւ կը ջանան սեռային անհաւասարութեան վերջ տալ: Այս նախաձեռնութեան կարելի է աջակցիլ՝ շապիկները գնելով www.ayfwest.org/shop կայքէջէն:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել ayf@ayfwest.org հասացէին։