ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Պալաթ շրջանի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ անծանօթ մը դարձեալ ատելավառ եւ թշնամական գիրեր գրած է եկեղեցւոյ արտաքին պատերուն ու գլխաւոր մուտքի դրան վրայ։ Անծանօթը այս գրութիւնները գրած է արաբերէնով եւ անգլերէնով։ Մայր դրան վրայ գրուած է «Դուք վերջացած էք այլեւս»։ Կայ նաեւ այլ բառ մը, որ յայտնի չէ թէ ինչ է։
Պալաթի եկեղեցւոյ թաղականութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս գրութիւնները գրուած են Շաբաթ, 23 Փետրուարի գիշերը։ Թաղականները անմիջապէս լուսանկարած են տեսարանը ու այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին։
Թաղականութիւնը դիմած է ոստիկանատուն ու պահանջած, որ յանցաւորները գտնուին։ Թաղականութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ոստիկանութեան, որ հետաքրքրութիւն ու զգայնութիւն ցոյց տուաւ այս տգեղ պատահարին կապակցութեամբ։
«Յանցաւորները պէտք է պատժուին, որպէսզի անգամ մըն ալ չպատահին նման յարձակումներ» ըսուած է թաղականութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ դեպքին վայրէն անցնող կին մը կրցած է նկարել յանցագործը։ Ըստ այդ ժապաւէնին, յանցագործը միջահասակ, միջին տարիքի նիհար, սեւ , ճերմակ գիծերով բուրդ բաճկոն հագած անձ մըն է, որուն երեսը գոց եղած է։ Յանցագործը փորձած է վնաս հասցնել մայր դրան։ Նկատի ունենալով, որ արձանագրութիւնը կարճատեւ է, կարելի չէ տեսնել, թէ յանցագործը դէպի ո՞ր կողմը գացած է իր յարձակումէն ետք։
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է յարձակումին՝ գրելով. «Սուրբ Հրեշտակապետ հայկական եկեղեցին դարձած է ատելութեան յարձակումի մը թիրախը: Ամէն տարի բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ սինակոկներ ատելութեան յարձակումներու թիրախ կը դառնան: Ոչ միայն պէտք է պարզել, թէ որոնք են նման յարձակումներու հեղինակները, այլ նաեւ պետք է բացայայտել, թէ ի՛նչ ուժեր կանգնած են անոնց ետին։ Ամէնէն կարեւորը այն է, թէ պէտք է վերջ տալ ատելութիւն ծնող քաղաքականութեան»: