«ԱՍՊԱՐԷԶ»
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն յառաջացուցած է Հայրենական նախաձեռնութիւններու յանձնախումբը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ համադրել դաշնակցական մարմիններու, ինչպէս նաեւ համայնքի այլ կազմակերպութիւններու (անշուշտ իրենց փափաքին համաձայն) հայաստանեան ու արցախեան բարեգործական եւ ընդհանրապէս ազգօգուտ ծրագիրները, անոնց իրագործման համար առաւել արդիւնաւոր պայմաններ տրամադրելով:
Արագ ակնարկ մը անցեալ տարիներուն միայն կուսակցական մարմիններուն կողմէ իրագործուած ու ընթացող ծրագիրներուն վրայ՝ կրնայ գաղափար մը տալ այն հսկայ կարողականութեան, որ մեր շրջանը ունի՝ Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն կեանքի պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ:
Թուենք մի քանին.
– Գիւմրիի «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոն (Կեդրոնական կոմիտէի «Մենք Գիւմրին ենք» յանձնախումբին կողմէ): Նոյն յանձնախումբը տարեկան տասը կրթաթոշակ կը յատկացնէ համալսարանական արժանաւոր ուսանողներու.
– Արեւային ուժանիւթով ջուրի տաքացման համակարգ՝ Մարտակերտի մէջ (Օրենճ Քաունթիի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւն).
– Ստեփանակերտի համար հրշէջ մեքենայ (ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութիւն).
– Ատամնաբուժարան Հադրութի մէջ (ՀՅԴ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Ռոստոմ» կոմիտէութիւն)
– Աղբահաւաք մեքենայ Քարվաճառի համար (ՀՅԴ Լա Քրեսենթայի «Զաւարեան» կոմիտէութիւն).
– Արցախի սահամանամերձ գիւղերու համար ջերմոցներ (ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութիւն, շրջանի երեսուն միութիւններու համագործակցութեամբ).
– Գիւմրիի Նանուլիկ մանկապարտէզի հիմնանորոգում (Օրենճ Քաունթիի «Վարդանի Ասպետներ» միութեան հետ համագործակցաբար):
Հայրենական նախաձեռնութիւններու յանձնաժողովը, որուն նախագահն է Փաթիլ Տէրտէրեան, պատրաստ է մշակուած ծրագիրներ առաջարկելու բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին օգնել, ենթակառուցքային աջակցութիւն տրամադրելով այդ ծրագիրներու իրականացման համար:
Յանձնախումբին հետ կրնաք կապուիլ՝ այցելելով