ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 2018ի տուեալներով՝ անհատներու կողմէ արտերկրէն Հայաստան ուղարկուած գումարներու ծաւալը փոքր աճ արձանագրած է: Միւս կողմէ էականօրէն աւելցած է դրամի արտահոսքը: Նման միտում արձանագրուած էր նաեւ 2017ին, երբ աւելի արագ թափով աճած էր դրամական փոխանցումներու արտահոսքը, քան ներհոսքը:
Ըստ Կեդրոնական դրամատան տուեալներուն՝ 2018ի Յունուարէն Դեկտեմբեր ամիսներուն անհատ մարդիկ դրամատուներու միջոցով արտասահմանէն Հայաստան ուղարկած են 1 միլիառ 785.6 միլիոն տոլար: 2017ի հետ համեմատած՝ այս թիւը աւելի է 29.1 միլիոն տոլարով կամ ընդամէնը 1.6 տոկոսով:
Նոյն ընթացքին անհատ մարդիկ դրամատուներու միջոցաւ Հայաստանէն արտասահման փոխանցած են 1 միլիառ 188.4 միլիոն տոլար: Ի տարբերութիւն ներհոսքին՝ այս ցուցանիշի աճը շատ աւելի մեծ է 198.6 միլիոն տոլարով կամ 20 տոկոսով: Փոխանցումներու զուտ ներհոսքը, այսինքն՝ ներհոսքին ու արտահոսքին տարբերութիւնը կազմած է 597 միլիոն տոլար: Զուտ ներհոսքը 2017ի հետ համեմատած՝ նուազ է 169 միլիոն տոլարով կամ՝ 22.1 տոկոսով:
Փոխանցումներու գլխաւոր աղբիւր հանդիսացող Ռուսիայէն 2018ին ներհոսքը կազմած է շուրջ 1 միլիառ 50 միլիոն տոլար:
Հայաստանէն արտասահման ուղարկուող գումարներուն պարագային, ցանկին վրայ եւս Ռուսիան առաջատարն է: Նախորդ տարի անհատ մարդիկ դրամատուներու միջոցով Հայաստանէն Ռուսիա ուղարկած են շուրջ 472 միլիոն տոլար՝ 96 միլիոն տոլարով կամ 25.4 տոկոսով աւելի, քան 2017ին: