ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Գաբրիէլ Այանեանի մահը պատահեցաւ Շաբաթ 19 Յունուար 2019ին Սան Ֆրանսիսքոյ մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Յունուար 2019ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուս. եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ շրջանի «Cypress Lawn» գերեզմանատան մէջ:
Այանեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 13 Ապրիլ 1928ին: Ան զաւակն էր Զենոբ եւ Զարուհի Այանեաններու, ունէր երեք քոյր եւ մէկ եղբայր, Կիւլենա, Սիրվարդ, Զուարթ եւ Զաւէն: Մինչեւ 12 տարեկանը ան յաճախած է Քեսապի Ուսումնասիրած Ազգային Միացեալ վարժարանը, սակայն հայկական գաղթականութեան այդ դժուարին օրերուն, ինչպէս կը պատահէր շատ մը հայերու՝ հօրը պարտադրանքով 12 տարեկան մատղաշ հասակին, կը ստիպուի կիսատ ձգել իր ուսումը ու լծուիլ աշխատանքի, օգնելու համար իր հօրը եւ ընտանիքին:
Գաբրիէլ Այանեան իրենց ընտանեկան առեւտուրի աշխատանքի կողքին կը ստանձնէ նաեւ գաղութի Հայ Առաքելական համայնքի «Մուխթար»ի, թաղապետի պաշտօնը, զոր կը վարէ 1954էն մինչեւ 1967ը, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Սան Ֆրանսիսքօ տեղափոխուիլը: Հոս յիշենք նաեւ, թէ Գաբրիէլ Այանեան երիտասարդ տարիքէն արդէն մաս կազմած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Քեսապի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան, միշտ բերելով իր գործօն մասնակցութիւնը շրջանէն ներս:
Սեպտեմբեր 27, 1953ին Գաբրիէլ Այանեան կ՛ամուսնանայ իր սիրած աղջկան՝ Ծաղկանուշ
Քէշ իշեանի, Գաբրիէլի սիրած անունով՝ «Ծաղկան»ին հետ ու անոնք կը բախտաւորուին չորս զաւակներով, Փօլ, Վահագն, Զարուկ եւ Շողիկ, Հոս կ՛արժէ նաեւ յիշել, թէ Գաբրիէլ եւ Ծաղկան, երեք ամիսներ առաջ տօնեցին իրենց ամուսնութեան 65րդ տարեդարձը շրջապատուած իրենց զաւակներով, թոռներով եւ ծոռով:
Այսպէսով՝ Գաբրիէլ եւ Ծաղկան իրենց չորս զաւակներով կը հաստատուին Սան Ֆրանսիսքօ: Իրենց առաջին Կիրակին իսկ կ՝ուզեն եկեղեցի երթալ, Գաբրիէլ եւ Ծաղկան իրենց չորս զաւակներով, 3 «bus» փոխելով կ՛երթան Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցի, որ մինչեւ իր կեանքին վերջը իր կապը կը հանդիսանայ Հայութեան հետ, ուր նաեւ կ՛ըլլայ իր թաղման արարողութիւնը:
Գաբրիէլ, Սան Ֆրանսիսքօ հասնելէն երկու շաբաթ ետք կը սկսի աշխատիլ «Cable Car Stakehouse» ի մէջ, ստանձնելով ծանր աշխատանքներ եւ ուր կը շարունակէ աշխատիլ15 երկար տարիներ: Ապա աւելի ուշ ան կը նախաձեռնէ իր անձնական «Super Market»ի գործին:
Գաբրիէլ Այանեան, որպէս չորս զաւակներու տէր մարդ, իրեն համար շատ կարեւոր էր անձնական տուն մը ունենալը, ատոր համար տարի մը ետք՝ 1968ին, կը գնէ իր տունը, ուր մահացաւ ասկէ քառասուն օրեր առաջ:
Իր թոռնուհիներէն Նայիրի Այանեան կը պատմէ. «Մեծ հօրս վրայ շատ ազդեց վերջին 12 տարիներուն իր սիրելի Ծաղկանին հիւանդութիւնը, թէեւ ան միշտ շրջապատուած էր իր սիրելի զաւակներով, թոռներով ու ծոռով, տխուր կը զգար իր սիրելի Ծաղկանին վիճակով: Ես կը փորձէի միշտ ուրախացնել զինք երգելով իր սիրած յեղափոխական երգերը:
Բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս, որ ունեցած եմ զինք կողքիս: Ամէն հանդիպման ես կ՛ըսէի, «Հայ պապուկ» եւ ինք կը պատասխաներ, «Հայ ձագուկ», իսկ հիմա կ՛ըսեմ «Պայ պապուկ». Դուն միշտ պիտի մնաս, ապրիս մեր սրտերուն մէջ:
Հանգուցեալ Գաբրիէլ Այանեանի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի Կիրակի 24 Փետրուար 2019ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս.Գրիգոր լուս. եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս.Պատարագին:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին տիկնոջը Ծաղկանին, իր զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռան:
Սան Ֆրանսիսքոյի ցուրտ հողը թեթեւ գայ վրադ ընկ. Գաբրիէլ Այանեան: