ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ հանդիպման ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննարկեց նաեւ կազմակերպութեան դերը՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ:
«Նկատի ունենալով այն, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բոլորովին վերջերս կազմաւորուած է, յաւելեալ ժամանակ կը պահանջուի՝ հասկնալու համար, թէ ներկայ հանգրուանին որքան աշխուժօրէն եւ խորութեամբ կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել կարգաւորման գործընթացը: ԵԱՀԿի համանախագահները կրնան միայն աջակցիլ երկխօսութեան համար պայմաններ ստեղծելուն: Որոշումները պէտք է տրուին կողմերուն միջեւ անմիջական երկխօսութեամբ», խորհրդակցութիւններուն աւարտին տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Լաւրով՝ ընդգծելով ԵԱՀԿի գործող նախագահին՝ Արցախի խաղաղութեան գործընթացին դրական ազդակներով աջակցելու տրամադրուածութիւնը:
«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա կ՛աշխատին սերտ համագործակցութեամբ: Անոնց ներկայացուցիչները արդէն հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Նոր կապեր եւս կը նախապատրաստուին», աւելցուց Լաւրով: