ՍՈՉԻ, «Ռոյթըրզ».- 14 Փետրուարին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի վեհաժողովը, որուն աւարտին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ երեք երկիրները համաձայնած են «յաւելեալ քայլեր»ու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ չէզոգացնել հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ շրջանը ապաստանած ահաբեկիչներուն սպառնալիքները, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ այս հանգրուանին Իտլիպի մէջ ռազմական գործողութեանց դիմելու ծրագիր գոյութիւն չունի։
«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Իտլիպի վերաբերեալ գոյացած Սոչիի համաձայնութիւնը չի կրնար արտօնել, որ Իտլիպ ահաբեկչութեան որջ մնայ», իր կարգին շեշտեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ աւելցնելով. ««Ճապհաթ Նուսրա»ն Իտլիպի 90 առ հարիւրին կը տիրէ, եւ ահաբեկիչներուն հետ կարելի չէ երկխօսութիւն կատարել: Մենք պիտի աջակցինք Սուրիոյ բանակին՝ սուրիական բոլոր տարածքները ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրելու համար»:
Նշենք, որ անցեալ աշնան ակնկալուող Իտլիպի վրայ սուրիական եւ ռուսական միացեալ յարձակումը կասեցուած էր շրջանին մէջ ապազինեալ գօտին հաստատելու նպատակով Ռուսիա-Թուրքիա համաձայնութեան շնորհիւ:
Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած էր իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ: Հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «վճռական քայլեր» պէտք է առնուին Իտլիպ նահանգին մէջ կացութիւնը կայունացնելու համար եւ «հակառակ սադրանքներուն՝ պէտք է շարունակել մեր երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը»:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կ՛ակնարկէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն վերաբերեալ Թուրքիոյ «ապահովական մտահոգութիւններուն», որոնք պէտք է լուծում գտնեն «փոխադարձ հասկացողութեան մը ծիրին մէջ»: