Կառավարութեան ծրագիրի գիւղատնտեսութեան բաժինին մէջ տեղ գտած գաղափարներուն մեծ մասը դաշնակցական նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանին կը պատկանի: Յիշեցնենք, որ ան պաշտօնավարած է քանի մը ամիս՝ Մայիսէն Հոկտեմբեր 2018:
«Մասնաւորապէս ծրագրի առաջին բաժինն ամբողջութեամբ կրկնում է նախորդում գրուածը, իսկ մնացեալը դրանք այն բիւջէտային ծրագրերն էին, որ ներկայացուել էին Ազգային ժողով մինչեւ իմ հրաժարականը, հետագայում էլ ընդգրկուել էին պետական բիւջէի մէջ», ըսաւ նախկին նախարարը «Փանորամա» կայքին:
Դաշնակցական գործիչը ընդգծեց, որ եթէ ընդհանրական մօտեցումները ընդունելի էին անցումային, քանի մը ամսուան կեանք ունեցող կառավարութեան պարագային, չեն կրնար ընդունելի ըլլալ երկարաժամկէտ, միակուսակցական կառավարութեան համար:
«Յստակ պէտք է սահմանուէին գործողութիւններ, թիրախներ, որոնք չկան: Հիմա, երբ կառավարութիւնը լինելու է հինգ տարի, պէտք է յստակ նշուէր, թէ ինչ արդիւնքներ են լինելու եւ դրանք ապահովելու համար ինչ միջոցառումներ են նախատեսւում իրականացնել», ըսաւ ան:
Ինչո՞վ կարելի է պայմանաւորել թուային արդիւնքներ չնշելը հարցումին պատասխանելով՝ Խաչատրեան յայտնեց, որ թերեւս կառավարութեան անդամներն ալ չեն գիտեր միջոցները եւ հաւանական արդիւնքները, իսկ միւս կողմէ, այդ մօտեցումով, կառավարութիւնը կը խուսափի պատասխանատուութենէն:
«Անորոշ ձեւակերպումները, իրօք, ընդունելի չեն: Այս կառավարութիւնը, միակուսակցական կառավարութիւնը պարտաւոր էր նշել կոնկրետ թիրախային ուղղութիւնները, որ մենք էլ հասկանայինք, այս կառավարութիւնը յաջողե՞լ է, թէ ձախողել», ընդգծեց դաշնակցական գործիչը:
Ան նկատել տուաւ, որ գիւղատնտեսութեան բաժինին մէջ յեղափոխական քայլեր չկան, որովհետեւ նախորդի շարունակութիւնն է: Բայց նոյնիսկ ծրագիրին մէջ նշուած քայլերը պիտի չիրականանան, կառավարութեան վարած գիւղատնտեսական քաղաքականութեան պատճառով, յայտնեց Խաչատրեան:
«Մասնաւորապէս, գիւղատնտեսութեան զարգացման համար նախատեսուած է բիւջէի 1.1 տոկոս: Գիւղատնտեսական բիւջէի յարաբերակցութիւնը գիւղատնտեսական ՀՆԱի հետ կազմում է 3.5 տոկոս, մինչդեռ Վրաստանում գերազանցում է 10 տոկոսը, Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում՝ 15 տոկոսը», նշեց Արթուր Խաչատրեան:
Ան ընդգծեց, որ ռուսական շուկային մէջ նշեալ երկիրներու արտադրած պտուղ-բանջարեղէնն են հայկականին մրցակիցները:
«Փոքր բիւջէով ակնկալուող արդիւնքները հնարաւոր չի ստանալ: Հայաստանն այն երկրներից է, որ ամենաքիչ գումարն է յատկացնում գիւղատնտեսութեան ոլորտին: Իրականում այդ բիւջէն պէտք է աւելացնես: Եթէ ուզում ենք հասնել գիւղատնտեսութեան զարգացմանը, դրած նպատակներին, ապա պէտք է յատկացուող միջոցները մեծացուեն, դրանք պէտք է բաշխուեն՝ ըստ առաջնահերթութիւնների», ըսաւ նախկին նախարարը:
Խաչատրեան նկատել տուաւ նաեւ, որ հազարաւոր մարդիկ ներգրաւուած են գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, որ շատերու եկամուտի միակ աղբիւրն է:
«Հիմա ասում են՝ կառավարութիւնն անթոյլատրելի է համարում, որ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերի շուրջ 1/3-ը մնացել է անմշակ: Բայց չեն ասում, ինչո՞ւ են դրանք մնացել անմշակ, ինչպէ՞ս են անելու, որ մարդիկ սկսեն հող մշակել», ըսաւ ան:
Խաչատրեան սխալ համարեց գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կցումը տնտեսութեան նախարարութեան:
«Նախարարութեան կարգավիճակ տրւում է այն ոլորտի գերատեսչութեանը, որն առանջնահերթ նշանակութիւն ունի երկրի կեանքում: Գիւղատնտեսութիւնը մեր ՀՆԱի 15 տոկոսից աւելին է կազմում, եթէ դրան էլ գումարեն վերամշակումը, կը ստանանք 25 տոկոս: Գիւղատնտեսութեամբ են զբաղւում հարիւր հազարաւոր ընտանիքներ: Սրա նշանակութիւնը շատ մեծ է երկրի կեանքում, սա հաշուի առնելով, պէտք է մնար նախարարութիւնը», յայտնեց Արթուր Խաչատրեան՝ աւելցնելով, որ քիչ թէ շատ զարգացած բոլոր պետութիւնները ունին նման գերատեսչութիւն: