ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողով մը 2-4 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ:
Համաժողովը պիտի քն-նարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական անվտանգութեան հարցերը, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւնները, ընկերային հարցերու ունեցած դերը լրատուական աշխարհին վրայ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերաիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները:
Մամուլի այն գործիչները, որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ համաժողովին, պէտք է իրենց դիմումը ուղարկեն կաթողիկոսարան մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝ info@armenianorthodoxchurch.org: Անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է կապ հաստատել Խաչիկ Տէտէեանի հետ (հեռաձայն՝ +961 4 410001):
Մասնակցութեան հաստատման պարագային, կաթողիկոսարանը կը ստանձնէ մասնակցողներուն օդակայանէն դիմաւորումը, ժողովավայր փոխադրութիւնը եւ կեցութիւնը (4, 5, 6 Յուլիս 2019): Ճանապարհածախսը կը հոգան մասնակցողները:
Համաժողովի օրակարգի կէտերը եւ այլ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ։