ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Ճոզէֆ Վոթել 10 Փետրուարին յայտարարեց, թէ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը «քանի մը շաբաթ»էն պիտի սկսի, նոյն ժամանակ ընդունելով, որ տեղւոյն վրայ իրադարձութիւնները կրնան հեռացման ժամանակամիջոցը փոփոխութեան ենթարկել։
Իր կարգին, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը, իր տեղեկութիւնը քաղելով ամերիկեան բանակէն՝ հաղորդեց, որ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը հաւանաբար ամբողջանայ մինչեւ Ապրիլի վերջաւորութիւնը:
«Եթէ Սպիտակ տունը չփոխէ իր ուղղուածութիւնը, ամերիկեան բանակը մինչեւ Մարտի կէսը իր ուժերուն մեծ մասը պիտի հեռացնէ, ապա յաջորդ ամիս՝ Ապրիլին պիտի հեռացնէ մնացեալ ուժերը, նոյնիսկ եթէ ամերիկեան վարչակազմը չկարենայ այդ շրջանին մէջ իր քիւրտ գործընկերները պաշտպանելու համաձայնութիւն գոյացնել», Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներ յայտնած են թերթին:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ իր երկրին գլխաւորած միջազգային դաշինքը յառաջիկայ շաբաթ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» 100 առ հարիւրով զսպումը պիտի յայտարարէ: