ԵՐԵՒԱՆ.- «Բիզնես Արմէնիա» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը կը տեղեկացնէ, որ գործադիր նոր տնօրէնը Դաւիթ Փափազեանն է:
Փափազեան միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է եւ երկար տարիներու փորձառութիւն ունի դրամագլուխ կառավարելու ոլորտին մէջ:
Նշենք, որ կառավարութիւնը որոշեց վերակազմակերպել «Բիզնես Արմէնիա»ն: Հիմնադրամի նոր տնօրէնին յանձնարարուած է ծրագիր ներկայացնել կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու եւ զանոնք համալրելու նոր եւ թարմ մարդոցմով ու գաղափարներով՝ յառաջիկային ունենալով մէկ կարեւոր նպատակ՝ բոլոր կարելիութիւնները եւ միջոցները պէտք է օգտագործուին մեծ եւ նշանակալից ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ: