ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ օր տեղեկացուց, որ կառավարութեան կառուցուածքին վերաբերեալ քննարկումները վերջնականօրէն աւարտած են:
«Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ունենայ 12 նախարարութիւններ: Վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը, որ պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը Սփիւռքի մէջ եւ վարչապետին անունով պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքները Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան:
Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւններով՝ կը նախատեսուի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը միաւորել տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ:
Երթեւեկութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմաարդիւնաբերութեան նախարարութիւն պիտի կազմուի:
Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի միաւորուի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ:
Մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնները պիտի գործեն կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմին մէջ:
Նշենք, որ կառավարութեան նոր կառուցուածքը պէտք է հաստատուի Ազգային ժողովին կողմէ: