ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Սուրիա, Ռուսիա եւ Իրան միշտ ալ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներու թիրախ եղած են»՝ աւելցնելով, որ նման պատժամիջոցներու հաստատումը «տնտեսական ահաբեկչութիւն է», «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:
Ռիապքով շեշտեց, որ այդ պատժամիջոցները որեւէ ազդեցութիւն չեն ունենար եւ որեւէ արդիւնքի չեն հասնիր, «այլ կ՛ամրապնդեն մեր կապերը, գործընկերութիւնն ու դիմադրելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ աջակցութիւնը»:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան վերականգնումը մօտալուտ է շնորհիւ՝ Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա գործակցութեան: