ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Յաճախ զգուշութեամբ կը վերաբերինք ազատ խօսք, քննադատութիւն հասկացութեանց ու կասկածով կը մօտենանք քննադատին, սուր գրիչ ունեցողին՝ զինք հակառակորդ համարելու աստիճան տգիտութիւն ցուցաբերելով երբեմն: Կը մոռնանք մեր իսկ կրկնածը՝ թէ քննադատութիւնը առաջին քայլն է նորոգուելու, ինքնասրբագրումի, ուղղուելու, անկաշկանդ արտայայտուիլը վարժութիւն դարձնելու եւ աւելի խստապահանջ դառնալու աշխատանքի որակին նկատմամբ: Թերթին մէջ, զորօրինակ, ինքնաքննադատութեամբ, ապա նաեւ քննադատութեամբ ընթերցող-թերթ կամ ընթերցող-գրող կապը աւելի անմիջական ու ամուր կը դառնայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք, որ թերթը պէտք է դառնայ ազատ բեմ, բառին լուրջ ու ծանրակշիռ իմաստով: Բնականաբար, միշտ ալ պիտի գտնուին ազատ խօսքը շահագործողներ ու անմակարդակ կամ նպատակաուղղուած հակաքարոզչութիւն կատարողներ, գաղութի թէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ բաժանարար գիծեր յառաջացնողներ: Մեր խօսքը կը վերաբերի առողջ ու կառուցողական քննադատութեան, թերութիւնները յանդգնութեամբ մատնանշող ու իրատես լուծումներ առաջադրող գրիչներուն, հրապարակային բանավէճերուն:
Գաղութներու պարագային, հասկնալի է մերթ ընդ մերթ զգուշութեան դրսեւորումը՝ միասնականութիւնը պահպանելու, կամաւոր ծառայողները չխրտչեցնելու միտումով, առողջ քննադատութեան չափանիշերը չխախտելու խստապահանջութեամբ նաեւ: Այս ուղղութիւնը, սակայն, մերթ ընդ մերթ չափազանցութեան կը հասնի եւ փափկանկատութեան սիրոյն առողջ քննադատութեան ոգին կը խամրեցնէ, յատկապէս երիտասարդ տարրին մօտ: