ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Տիգրանակերտի Սիլվան շրջանին մէջ տեղի ունեցած հայկական գանձեր որոնող ոստիկաններուն հարցը բարձրացուց խորհրդարանին մէջ: «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը նշէ, թէ հայ պատգամաւորը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղուած գրաւոր հարցադիմում ներկայացուցած է խորհրդարանին, որուն մէջ Փայլան Սոյլուին յղած է հետեւեալ հարցումները.
«1. Ի՞նչ տեղեկութիւններ կան այն մասին, թէ «հայերուն պատկանող թաղուած ոսկիները գտնելու նպատակով փոսեր փորած» ոստիկանները որքան ժամանակ նման գործունէութիւն ծաւալած են, քանի փոս փորած են եւ մինչ այսօր ինչ քանակով հայկական պահուած իրեր գտած են.
- Հայկական եւ յունական մշակութային ժառանգութեան նմուշներ եւ թաղուած թանկարժէք իրեր որոնող ոստիկաններուն նկատմամբ վերոնշեալ գործունէութեամբ զբաղելու համար քանի՞ իրաւական գործընթաց նախաձեռնուած է.
- Արդեօք սկսա՞ծ է հետաքննութիւն այն պնդումներուն վերաբերեալ՝ ըստ որոնց քաղաքացիներուն մուտքը արգիլուած են այնպիսի շրջաններ, ինչպէս՝ Սուր, մինչ ոստիկանութեան աշխատակիցներ գանձախուզութեամբ կը զբաղին հոն.
- Նախարարութիւնը ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ գանձախուզութեան դէմ, որ մեծ վնաս կը հասցնէ մեր երկրի պատմական հարստութիւններուն.
- Ի՞նչ կը մտածէք պատմական ժառանգութիւն հանդիսացող իրերու գողութիւններուն եւ գանձախուզութեան դէմ պայքարին դէմ աւելի արդիւնաւէտ պայքարելու համար քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացուցիչ յօդուածներ աւելցնելու մասին»:
Յիշեցնենք, որ Տիգրանակերտի Սիլվանի շրջանին պատմական շէնքերէն մէկուն բակին մէջ հայերէ մնացած գանձեր գտնելու յոյսով՝ ձերբակալուեցաւ անօրինական պեղումներ իրականացնող խումբ մը: Պարզուեցաւ, որ գանձախոյզներէն 4ը ոստիկաններ են, իսկ անոնցմէ մէկը՝ ոստիկանապետ: