ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն արձագանգեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի մէջ՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր նշուելու մասին յայտարարութեան, կը գրէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։
«Խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, որ Ապրիլ 24ը այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր պիտի հռչակէ: Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են, որոնք ոչ մէկ իրաւական հիմք ունին եւ կը հակասեն պատմական ճշմարտութիւններուն», պնդեց Էրտողանի խօսնակը:
Քալըն դարձեալ ներկայացուց պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով հիմնելու Էրտողանի առաջարկները։ Քալըն շեշտեց, որ առիթ պիտի չտան անոնց, «որոնք կը փորձեն անցեալը նենգափոխելով՝ պատմութենէն ոխ, ատելութիւն եւ թշնամութիւն հանել»:
«Ոչ ոք կրնայ Թուրքիան մեղադրել իր չկատարած յանցանքին մէջ եւ բիծ ձգել մեր պատմութեան վրայ: Կը քննադատենք ու կը մերժենք իր երկրին մէջ քաղաքական խնդիրներ ունեցող պրն. Մաքրոնի կողմէ իրավիճակը փրկելու նպատակով պատմական իրադարձութիւնները քաղաքական ապրանք դարձնելը: Տառապանքները մրցակցութեան մէջ դնելը եւ քաղաքական թեմա դարձնելը քաղաքական եւ բարոյական ստորութիւն է: Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ դրական նպատակ ունեցող ամէն տեսակ ջանքերուն, որոնք կը կատարուին Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերը համատեղ ցաւի եւ արդար յիշողութեան մօտեցումով վեր հանելուն», ըսաւ Քալըն: