ԹԵԼ ԱՒԻՒ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Իսրայէլեան «The Times of Israel» թերթը 4 Փետրուարին հաղորդեց, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) արտադրութեամբ զբաղող «Aeronautics» ընկերութեան արտօնութիւն շնորհած է՝ շարունակելու իր սարքերուն վաճառքը Ատրպէյճանին, հակառակ անոր, որ ընկերութեան երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն արտածումներու արտօնագիրը ժամանակաւորապէս խլելու որոշումը ի զօրու կը մնայ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 5 Փետրուարին դատապարտեց այս որոշումը՝ նշելով, որ իր այս քայլով Իսրայէլ գործնականապէս արտօնութիւն կու տայ ընկերութեան, որ իր ԱԹՍները փորձարկէ Արցախի դէմ, հակառակ անոր, որ Իսրայէլ ապօրինի որակած էր նման փորձարկումներ։
Օգոստոս 2017ին, իսրայէլեան այս ընկերութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները Ատրպէյճանի պահանջով իրենց արտադրած ԱԹՍները փորձարկած էին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետաքննութիւն սկսած էր եւ անցեալ շաբաթ տեղեկատուութիւն տարածուեցաւ, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կասեցուցած է ընկերութեան ղեկավարներու արտածումներու արտօնագիրները:
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընկերութեան յայտնեց, որ արտածման արգելքը հանուած է: Ընկերութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կրնայ շարունակել անօդաչու թռչող սարքեր վաճառել վերը նշուած գնորդին (Ատրպէյճան)», կ՛ըսուի ընկերութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Ընկերութիւնը նաեւ հաստատած է, որ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի, փոխտնօրէնի եւ եւս մէկ բարձրաստիճան ներկայացուցչի արտածումներու արտօնագիրները սառեցուած պիտի մնան մինչեւ անոնց դէմ մեղադրանք առաջադրելու կամ չառաջադրելու որոշումը: