ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- 4 Փետրուարին, Եւրոպայի Խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը սկսաւ քննարկելու Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյցի նախնական տարբերակը:
Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրիի կողմէ կազմուած զեկոյցին մէջ, Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղուի՝ կասեցնելու Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները, մինչեւ յատկանշական բարեկարգումներու ապահովումը։
Ըստ «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ զեկոյցը արդէն իսկ խիստ քննադատութեան արժանացաւ Անգարայի կողմէ:
Անգարա դժգոհ է յատկապէս զեկոյցին մէջ առաջարկուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անունը Եւրոպական Միութեան ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկէն դուրս հանելու առաջարկէն, որովհետեւ այդ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարուի: Թրքական մամուլին գնահատականով՝ այդ առաջարկին վաւերացումը Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր ճգնաժամի մը ծագումը անխուսափելի պիտի դարձնէ:
Զեկոյցին մէջ նաեւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ըլլայ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ազատ արձակելու Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովդրավարական կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշը:
Զեկոյցին վերջնական տարբերակը պատրաստ պիտի ըլլայ 11-14 Մարտին, որմէ ետք քննարկման պիտի դրուի Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ: