Մեր հայրենիքի անկախութեան եւ անվտանգութեան ամէնէն հզօր երաշխաւորը Հայոց բանակն է, որուն հանդէպ հայ մարդու պարտքն ու պարտաւորութիւնը սահմաններ չի ճանչնար:
Մեր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնած Հայոց բանակի յաղթանակներով կը փառաւորուինք, եւ մեր նահատակներուն ու վիրաւոր զինուորներու զոհողութեան առջեւ կը խոնարհինք: Ճակատի դիրքերու վրայ կանգնած իւրաքանչիւր զինուորի կեանքը թանկագին է ու անփոխարինելի եւ այդ գիտակցութեամբ անվերապահօրէն կը զօրակցինք սահմանները անմատչելի դարձնելու ծրագիրներուն: Կը զօրակցինք նահատակ ու վիրաւոր հայ զինուորին ընտանիքին, ծառայող զինուորին ու սպային արժանապատիւ կեանք ապահովելու նախաձեռնութիւններուն:
Անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթենք մեր զինուորներուն ու յաւերժ փառք Հայոց յաղթական բանակին:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ