ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպութեամբ՝ Երեքշաբթի, 22 Յունուարին տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ:
Հանդիպումին ներկայ եղան ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, բարերարներ եւ Ուաշինկթընի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի բացման խօսքէն ետք, Հայկակ Արշամեան ներկայացուց հիմնադրամի նոր օրակարգը՝ նախորդ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւններու լոյսին տակ՝ կազմակերպութիւնը հանրային դիւանագիտութեան հզօր գործիքի վերածելու եղանակները, ինչպէս նաեւ նոր ղեկավարութեան ջանքերը դրամահաւաքի համակարգը վերափոխելու, հիմնադրամին մէջ Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը ընդլայնելու ու երիտասարդ սփիւռքահայերու ցանց ստեղծելու, տեղեկատուական արշաւներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման աւարտին Հայկակ Արշամեան պատասխանեց ներկաներու՝ հիմնադրամի ապագայ ծրագիրներուն վերաբերող հարցումներուն: