ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով նշանակուած է կառավարութեան նոր կազմի 12 նախարարները:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Զօհրաբ Մնացականեան նշանակուած է արտաքին գործոց, Դաւիթ Տոնոյանը՝ պաշտպանութեան Էրիկ Գրիգորյանը՝ բնապահպանութեան, Ֆելիքս Ցոլակեանը՝ Արտակարգ իրավիճակներու, Տիգրան Խաչատրեանը՝ տնտեսական զարգացման և ներդրումներու, Յակոբ Արշակեանը՝ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց, Ատոմ Ջանջուղազեանը՝ ելեւմուտի, Արսէն Թորոսեանը՝ առողջապահութեան, Արտակ Զէյնալեանը՝ արդարադատութեան, Զարուհի Բաթոյեանը՝ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու, Սուրէն Պապիկեանը՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման, Արայիկ Յարբութիւնեանը՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար: