ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Անցեալ տարուան ընթացքին Արցախի հիւանդանոցներուն մէջ ծնած են 2204 երեխաներ, որոնցմէ 1119ը տղայ, 1085ը՝ աղջիկ:
Ստեփանակերտի մէջ ծնած են 1834 երեխաներ՝ Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ 188, Մարտունիի՝ 124, Հադրութի՝ 26, Քաշաթաղի՝ 22 եւ Շահումեանի մէջ՝ 10 երեխաներ:
Հայաստանի հիւանդանոցներու մէջ ծնած են 132 արցախցի երեխաներ:
Նշենք, որ նշեալ երեխաներուն մէջ 20 զոյգեր ծնած են: