ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունելու յառաջիկայ գարնան կայանալիք վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներուն դիմումնագիրները, որոնք տրամադրելի են ancawr.org/internship կայքէջին վրայ: Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 26 Յունուար։
Գարնանային վարժողական ծրագիրը պիտի սկսի 25 Փետրուարին ու պիտի շարունակուի մինչեւ 3 Մայիս, իսկ անոր մասնակցողները շաբաթը 15-20 ժամ պիտի տրամադրեն եւ կրնան աշխատիլ զիրենք հետաքրքրող մասնագիտութեան ոլորտին մէջ: Վարժողական ծրագիրին մասնակցողները, որոնք առնուազն 18 տարեկան պէտք է ըլլան, մօտէն պիտի ծանօթանան գաղութի գործունէութեան ու զայն կազմակերպելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին աշխատանիստերու, դասախօսութեանց ու շարք մը այլ գործնական աշխատանքներու, որոնք զիրենք պիտի պատրաստեն անցնելու համալսարանական կեանքէն արհեստավարժ ասպարէզ:
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները կը գործեն 2006էն ի վեր:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ info@ancawr.org հասցէին: