ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի 15 Յունուարի երեկոյեան իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Մոհամմետ Ճալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իրան յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ֆիրուզնիա շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու իմաստով վարչապետ Հարիրիի ջանքերուն՝ մաղթելով, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանան նոր կառավարութիւն մը ունենայ:
Ֆիրուզնիա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները միշտ կը ջանան իրենք զիրենք ներկայացնել իբրեւ այս շրջանին եւ ժողովուրդներուն շահերուն յանձնառու երկիր, սակայն «անոնց տեսակէտները կը հակադրուին անոնց գործերուն, յատկապէս ամերիկեան այս վարչակազմին աշխատելաձեւին»՝ աւելցնելով. «Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը շրջանային եւ միջազգային առումով ոչ մէկ պատրաստակամութիւն ունի իր յանձնառութիւնները գործադրելու, այլ՝ կը փափաքի իրագործել առեւտրական, տնտեսական եւ ելեւմտական նպատակներ»։
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը Ուաշինկթընը մեղադրեց Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու յանցանքով:
«Միացեալ Նահանգերու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ դրսեւորեց շարք մը դիրքորոշումներ, զորս կարելի է ուղղակի միջամտութիւն համարել», նշուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած էր նախքան Հարիրիի եւ դեսպանին հանդիպումը:
Յիշեցնենք, որ Պէյրութ այցելած Հէյլ «անընդունելի» որակած էր «Հըզպալլա»ի գործունէութիւնը։
Յատկանշական է նաեւ, որ դեսպան Ֆիրուզնիա անցեալ Օգոստոսէն ի վեր կը գտնուի Պէյրութ, սակայն առաջին անգամն ըլլալով այցելեց վարչապետին: