ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 8 Յունուարի կէսօրին այցելեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցը եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, աղօթքի պահ մը անցուց անոր յարկին տակ, հիւանդանոցի պատասխանատուներուն ներկայութեամբ։
Առաջնորդ սարբազանին կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան եւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան։
Առաջնորդ սրբազանը եւ հոգեւորականները դիմաւորուեցան հիւանդանոցի նախագահ Ճիլ Ուելթընի, պատասխանատուներէն Մերի Ֆիլիփեանի, հոգեւոր խորհրդատու Քէյսի ՄըքՔարթիի եւ անձնակազմի անդամներու կողմէ։
Ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլա Տիվայն, ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիս եւ ոստիկանապետութեան անդամներ, հրշէջներու բաժանմունքի պետեր՝ Սիլվիօ Լանզաս ու Պիլ Լինչ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ ՀՕՄի անդամներ։
Հիւանդանոցի նախագահ Ճիլ Ուելթըն ողջունեց առաջնորդ սրբազանին ու հոգեւորականներուն ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ տարիներէ ի վեր, տօնական օրերու եւ այլապէս, անոնք հոգեւոր մատակարարութիւն կը տրամադրեն այս յարկին տակ խնամք ստացողներուն։
Առաջնորդ սրբազանը արտասանեց ողջոյնի խօսք՝ հիւրընկալներուն ու անոնց խնամքը վայելողներուն մաղթելով առողջութիւն եւ բարի ու խաղաղ տարի մը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ անգամ մը եւս առիթ կ՛ունենայ այցելելու այս հիւանդանոցը, աւետելու համար Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը։ Խօսելով այս տօնին մասին՝ ան բացատրեց, թէ հայերս 6 Յունուարին տօնեցինք Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը եւ Մկրտութիւնը, տօն մը, որ միայն մէկ օրով չի սահմանափակուիր, որովհետեւ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը հզօր, գեղեցիկ եւ մնայուն վկայութիւն մըն է մարդ արարածին հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն ու հաւատարմութեան։ «Աստուած մարդը ազատագրեց մեղքի կապանքներէն ու անոր պարգեւեց յաւիտենական կեանք, շնորհեց լոյս եւ յոյս, հետեւաբար, հաւատարմութիւնը, սէրը, ներդաշնակութիւնը, խոնարհութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը կը մնան այս տօնին անժամանցելի պատգամները», նշեց առաջնորդը, ապա գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիւանդանոցի անձնակազմին եւ բժիշկներուն մարդասիրական ու մասնագիտական ծառայութիւններուն մասին, մաղթելով, որ օրհնուած ջուրը առողջութիւն ու մաքրութիւն պարգեւէ այս հաստատութեան յարկին տակ խնամք ստացողներուն ու խնամողներուն։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ արարողութիւն՝ տօնին նուիրուած շարականներով, աւետարանական ընթերցումով եւ ջրօրհնէքով։
Աղօթքի պահէն եւ ընդունելութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանն ու քահանայ հայրերը առաջնորդուեցան հիւանդանոցի սենեակներու բաժինը, ուր առաջնորդ սրբազանը յատկապէս օրհնեց նորածին մանուկ մը ու իր մայրը։