ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 13 Յունուարին, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան (ԱԵՄ) խումբ մը անդամներ մեկնեցան Շահումեանի շրջանի Նոր Բրաջուր համայնք: Այցելութեան նպատակն էր Նոր Բրաջուրի համայնքի փոքրիկներուն յանձնել նուէրներ, որոնք հաւաքուած էին միութեան խումբերէն, «Արմէն Աւագեան» խումբին կողմէ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին յայտարարուած ամանորեան նուէրներ հաւաքելու ծրագիրին արդիւնքով:
Ըստ ՀՅԴ ԱԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Բենօ Միրզոյեանի՝ ծրագիրին միջոցով ուզած են նախ շնորհաւորել դպրոցականներուն Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, այդ օրը տօն դարձնել անոնց համար, անձամբ աջակցութիւն յայտնել սահմանամերձ եւ վերաբնակեցուած գիւղի բնակիչներուն, ապա նաեւ ծանօթանալ տուեալ համայնքի փոքրիկներուն հետ:
Անհատ նուիրատուներուն կողմէ պատրաստուած եւ տեղ հասցուած առաւել քան 30 նուէրները բաժնուեցան փոքրիկներուն, որոնք, իրենց կարգին, հանդէս եկան արտասանութիւններով եւ երգերով:
Նոր Բրաջուրի Սեւակ-Սեւանա Էրումեաններու անուան դպրոցի տնօրէն Համլէթ Թադեւոսեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գիւղը կտրուած է մայրաքաղաքէն եւ շատ ուրախալի է այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը: «Իմ տնօրէնութեան շրջանին առաջին անգամն է, որ երիտասարդական կազմակերպութիւն մը գիւղին մէջ ծրագիր կ՛իրականացնէ: Փափաքելի է, որ բացի շրջանի կեդրոններէն, գիւղերուն մէջ եւս զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուին: Անոնց շնորհիւ երիտասարդները եւ դպրոցականները կը զգան, որ համայնքները եւս ուշադրութեան առարկայ են», նկատել տուաւ Համլէթ Թադեւոսեան: