ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ս. Ծնունդի տաղաւարին առթիւ եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Գէորգ Ա. քհնյ. Չնարեանի եւ Արմենակ սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Խարբերդի եւ Մալաթիոյ հայ համայնքներուն։
Պատուիրակութիւնը 10 Յունուարին օդային ճամբով մեկնեցաւ Խարբերդ եւ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն ազգայիններուն կողմէ։ Անոնք այցելեցին համայնքի անդամներու բնակարանները։ Մինչ այդ, Անտիոքի շրջանի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան այցելեց տեղւոյն գերեզմանատունը։ Յիշատակուեցան Խարբերդի երբեմնի հոգեւոր ու ազգային սպասաւորներն ու տեղւոյն հանգուցեալ հաւատացեալները։
Նոյն երեկոյեան մատուցուեցաւ առտնին Ս. պատարագ ձեռամբ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի։ Յաւարտ Ս. պատարագի, Ս. Ծնունդին առիթով կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մկրտութիւնը։ Հայր սուրբը պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը։ Ան օրհնեց ներկաները իրենց արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց։
11 Յունուարին, պատուիրակութիւնը ցամաքային ճամբով հասաւ Մալաթիա։ Անոնք այնտեղ դիմաւորուեցան Մալաթիոյ հայրենակցական միութեան ատենապետ Սարգիս Չիզմեճիի եւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի կողմէ։
Խմբովին այցելութիւն մը տրուեցաւ կիսաւեր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ապա Վէնքի մատուռ։ Համայնքի անդամները յայտնեցին, թէ ներս մտնելու դժուարութիւն ունին, որովհետեւ բանալիները կը գտնուէին կուսակալութեան մօտ ու համայնքը չունէր բանալիներէն օրինակ մը։
Նոյն երեկոյեան, տեղւոյն Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Գէորգ Ա. քհնյ. Չնարեանի։ Յաւարտ Ս. պատարագի Ս. Ծնունդի առիթով այստեղ եւս կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Հայր սուրբը դարձեալ քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը։ Ան օրհնեց ներկաները իրենց արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար եւ այստեղ եւս բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց։ Հայր սուրբը եւ ընկերակիցները նոյն գիշերը օդային ճամբով վերադարձան Պոլիս։