ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Փետրուարին կայանալիք հանդիսութեան մը ընթացքին, Մաթեաս «Մեթի» Մաթոյեանին պիտի յանձնուի Ֆրեզնոյի գործարարներու շնորհուող հեղինակաւոր՝ «Լիան Ս. Փիթըրզ» մրցանակը։
1984էն ի վեր շնորհուող այս մրցանակին շահողները կ՛որոշուին Ֆրեզնոյի Առեւտուրի գրասենեակին կողմէ եւ կը կրէ հայ գաղթականներու զաւակ ու յայտնի գործարար եւ բարերար՝ Լիան Ս. Փիթըրզի անունը։ Մրցանակը կը շնորհուի այն գործարարներուն, որոնք յատկանշական համայնքային սպասարկութիւններ մատուցած են։
Մրցանակը Մաթոյեանին յանձնելու որոշումը անոր փոխանցելու համար կազմակերպուած հաւաքը անակնկալ մը եղած էր Մաթոյեանի համար, որ հաւաքին հրաւիրուած էր հիւրընկալ համալսարանին նախագահ Ճոզէֆ Քասթրոյին կողմէ, «համալսարանին առնչուող խորհրդակցութեանց» համար։
75ամեայ Մաթոյեան, որ շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն, իր ընտանիքին պատկանող «Օ. Քէյ. Փրոտիուս» բանջարեղէնի ընկերութեան ղեկը ստանձնած էր 1979ին, զգալիօրէն նպաստելով անոր աճին։ Ան այժմ հանգստեան կոչուած է, ընկերութեան առօրեայ գործունէութիւնը վստահելով իր զաւակներուն։
Նշեալ հաւաքին ներկայ էր նաեւ Ֆրեզնօ գաւառի Գերագոյն ատեանի հանգստեան կոչուած դատաւոր Ռապըրթ Օլիվըր, որ ներկայացուց Մաթոյեանի իրագործումները եւ Ֆրեզնոյի ի նպաստ անոր գործունէութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ Մաթոյեան ընտանիքը յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարած է համայնքային առողջապահական կեդրոններու, Ֆրեզնոյի համալսարանին եւ ընկերային ու առողջապահական սպասարկութիւններ մատուցող շարք մը այլ հաստատութիւններու։
Իր կարգին, Քասթրօ նշեց, որ Ֆրեզնոյի համալսարանին թաղամասերէն մէկը կը կոչուի «Մաթոյեան ճամբայ», իբրեւ երախտագիտութիւն Մաթոյեանին եւ անոր ընտանիքին կողմէ համալսարանին կատարուած աջակցութեանց։
Մաթոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց զինք մեծարելու որոշումին համար, շեշտելով բարեսիրական գործունէութեանց կարեւորութիւնը։
Յատկանշական է, որ Մաթոյեան այս տարուան «Լիան Ս. Փիթըրզ» մրցանակը այլ գործարարի մը յանձնելու համար վերջերս միջնորդագիր մը գրած էր Ֆրեզնոյի Առեւտուրի գրասենեակին։