ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- 11 Յունուարին, ամերիկեան զինուորական ուժերու հրամատարութիւնը հաղորդեց, թէ սկսած է Սուրիա գտնուող ամերիկեան ուժերու հեռացումը՝ աւելցնելով, որ ապահովական նկատառումներով, նահանջին մասին այլ մանրամասնութիւններ պիտի չհրապարակուին։
Յիշեցնենք, որ միայն քանի մը օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն յայտարարած էր, թէ Սուրիայէն ամերիկեան ռազմական ուժերը հեռացնելէ առաջ պէտք է ստանալ երաշխիքներ, որ Թուրքիա տեղւոյն քրտական ուժերուն վրայ պիտի չյարձակի։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ընդգծեց. «Սուրիայէն հեռացման վերաբերեալ ամերիկեան կեցուածքին մէջ բացարձակապէս հակասութիւն չկայ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կեցուածքը յստակ է, եւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու անոր որոշումը պիտի գործադրուի», հակառակ անոր, որ ինք Գահիրէի մէջ այս շաբաթ յայտարարած էր, թէ ամերիկեան ուժերու հեռացումը ընդհանրապէս քաոսային իրավիճակ պատճառած է:
Փոմփէօ նշեց, որ ամերիկեան ուժերու հեռացումէն առաջ ամերիկեան վարչակազմին համար կարեւոր է վստահ ըլլալ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քիւրտ զինեալներու ապահովութեան հարցէն, որուն շուրջ իրենք քննարկումներ կատարած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
«Էրտողան այդ հարցին մէջ որոշ յանձնառութիւններ ստանձնած է: Սուրիայէն դուրս գալէն ետք պէտք է կարենանք ընել ամէն ինչ, որ այնտեղ մեզի հետ պատերազմած քիւրտերը ապահով ըլլան: Էրտողանն ալ ատիկա կը հասկնայ», կրկնեց ան, հակառակ անոր, որ Անգարա արդէն իսկ առիթով մը մերժած էր ընդունիլ, թէ քիւրտերու ապահովութեան մասին Էրտողան խոստում մը տուած է ամերիկեան կողմին:
Նաեւ, նահանջը սկսելու մասին 11 Յունուարի յայտարարութենէն անմիջապէս առաջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան ողջունեց Սուրիայէն հեռանալու գծով Թրամփի «կեցուածքին բացայայտ փոփոխութիւնը»՝ աւելցնելով. «Անցեալ Դեկտեմբերին Սուրիայէն 2000 ամերիկացի զինուորներ հեռացնելու մասին հապճեպօրէն յայտարարելէ ետք, Թրամփ ընդգծեց, որ այդ հեռացումը տեղի պիտի ունենայ դանդաղօրէն եւ կացութեան յարմար ձեւով, հաւանաբար անոր վրայ գործադրուած ճնշումներուն, ներառեալ՝ ֆրանսական ճնշումին շնորհիւ»:
«Ֆրանսա Սուրիայէն իր ուժերը պիտի հեռացնէ, երբ այդ երկրին մէջ քաղաքական լուծում կայանայ: Մենք Իրաքի մէջ ներկայ ենք, եւ ամերիկացիներուն կողքին համեստ թիւով ներկայ ենք Սուրիոյ մէջ», յայտարարեց ան։