ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի 7րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ասորի համայնքը ներկայացնող Արսէն Միխայլով եւ քիւրտ համայնքը ներկայացնող Կնեազ Հասանով նոր իշխանութեան հետ պիտի աշխատին նոյն կերպով՝ այնպէս, ինչպէս աշխատած են նախկին իշխանութիւններուն հետ: Պատգամաւորները, այս մասին յայտնեցին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած իրենց զրոյցին ընթացքին:
Հասանով եւ Միխայլով 6րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ իրենց համայնքներուն կողմէ ներկայացուած էին նախապէս իշխող Հանրապետական խմբակցութեան մէջ. այսօր արդէն Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմած «Իմ քայլը» խմբակցութեան կազմին մէջ են:
«Նախորդ իշխանութեան հետ աշխատանքը բնական կը գնահատեմ: Կրցած ենք հարցեր բարձրացնել եւ լուծումներ ստանալ մեր համայնքին վերաբերեալ: Օրինակ՝ մեզի համար շատ կարեւոր էր խոշորացման ծրագիրը, ուր ընդգրկուած էին մեր ասորաբնակ գիւղերը: Ես այդ հարցը կրցայ բարձրացնել եւ խնդրել, որ ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքներու խոշորացում չըլլայ, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց կրթամշակութային հարցերը», նշեց Արսէն Միխայլով:
Ըստ քիւրտ համայնքի ներկայացուցիչ Կնեազ Հասանովի՝ նախորդ իշխանութիւններու թերութիւններուն համար ժողովուրդը իր գնահատականը տուած է:
«Նախորդ իշխանութիւններուն օրով, մեր բոլոր հարցերը բարձրացուած են եւ ստացած իրենց լուծումները: Մնացեալ բոլոր թերութիւններուն համար ժողովուրդը արդէն իր գնահատականը տուած է», ըսաւ Հասանով:
Ասորի համայնքը լուծման կարիք ունեցող հրատապ հարցեր այժմ չունի, բայց անհրաժեշտութեան պարագային, զանոնք պիտի ներկայացնէ նաեւ նոր ձեւաւորուած իշխանութեան:
«Հրատապ հարցեր չկան: Ունինք, անշուշտ կրթամշակութային ոլորտին մէջ հարցեր, զորս պէտք է կրկին բարձրացնենք ու տեսնենք, թէ ինչ լուծում պիտի ստանան: Հրատապ հարցերով կը զբաղին մեր համայնքային կազմակերպութիւնները, իսկ այն հարցերը, զորս մեր համայնքային կազմակերպութիւնները չեն կրնար լուծել, պիտի բարձրացնենք Ազգային ժողովին մէջ, որ կարենանք լուծում տալ», նշեց Միխայլով:
Ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կ՛ակնկալեն նոր Ազգային ժողովի մեծամասնութենէն:
«Մարդիկ կ՛ուզեն բաց աշխատիլ, համարձակ եւ ազնիւ: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ պէտք է ընդունին ազգային փոքրամասնութիւնները այնպէս, ինչպէս միշտ եղած է, եւ իրենց հարցերով զբաղին ու անոնց լուծումներ տան», ըսաւ ասորի համայնքի ներկայացուցիչը:
Քրտական համայնքի ներկայացուցիչը մեծ յոյսեր ունի տնտեսական յեղափոխութեան հետ: «Ներկայ իշխանութիւնները խոստացած են, որ պէտք է յայտարարեն տնտեսական յեղափոխութիւն, եւ այս տնտեսութիւնը երբ զարգանայ, նաեւ կը զարգանան մեր երկիրն ու բանակը: Տնտեսութեան զարգացումէն կախուած են նաեւ մնացեալ բոլոր հարցերը՝ կենցաղը, մշակոյթը, կեցութիւնը», նշեց Հասանով:
7րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած են 4 ազգային փոքրամասնութիւններու մէկական ներկայացուցիչ: