ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 10 Յունուարի նիստին ընթացքին հաստատեց 18 տարին ամբողջացուցած որդեգրուած անձին՝ իր որդեգրման փաստի, ծննդավայրին եւ ժամանակին, ինչպէս նաեւ իր կենսաբանական ծնողներուն անձնական տուեալներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ տրամադրելու կարգը:
Այսուհետեւ, 18 տարին ամբողջացուցած որդեգրուած անձեր կրնան դիմել եւ ստանալ տեղեկութիւններ իրենց որդեգրման փաստին, մինչեւ որդեգրումը անունին, հօր անունին, մականունին, ծննդեան ժամանակին, ծննդավայրին, ինչպէս նաեւ իրենց կենսաբանական ծնողներուն անձնական տուեալներուն մասին տեղեկութիւններ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով որդեգրման ընթացակարգին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող քաղաքականութեան՝ նշեց, որ վերջին շրջանին նամակներ կը ստանայ այն մասին, որ որդեգրման գործընթացին մէջ կան արհեստական խոչընդոտներ եւ գոյութիւն ունի իրաւաբանական մեծ քաշքշուք:
«Իհարկէ, հարցը նուրբ է, բայց մեր քաղաքականութիւնն ինչպիսի՞ն է, մենք ուզում ենք խթանե՞լ որդեգրման պրոցեսը (գործընթացը-Խմբ.), թէ ուզում ենք արգելակել: Հայաստանում կան անզաւակ ընտանիքներ, որոնք ուզում են եւ կ՛ուզենային երեխաներ որդեգրել: Չէ՞ք կարծում, որ մենք, իհարկէ, ապահովելով համակողմանիօրէն երեխաների շահերն ու երաշխիքները, պէտք է այս առումով աշխատենք առաւել նպաստող քաղաքականութիւն վարել», ըսաւ Փաշինեան:
Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարեց տեղեկանք ներկայացնել արտասահմանցիներու որդեգրած երեխաներու կեցութեան վերաբերեալ:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու փոխնախարար Արսէն Մանուկեան յայտնեց, որ ներկայիս կան որդեգրման ենթակայ 300 երեխաներ, բացի այդ, կան շուրջ 140 ընտանիքներ, որոնք փափաք յայտնած են երեխայ որդեգրելու: Ան նաեւ նշեց, որ 47 օտարերկրացիներու ընտանիքներ նոյնպէս փափաք յայտնած են երեխայ որդեգրելու:
«Խնդիրն այն է, որ այդ երեխաները հիմնականում հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներ են, իսկ որպէս կանոն՝ յատկապէս մեր հայրենակիցները ցանկանում են առողջ երեխայ որդեգրել: Հէնց որ առողջ երեխայ է յայտնւում մեր բազաներում, ով առաջինը դիմում գրում է, իրենց էլ տրւում է նախապատուութիւնը», ըսաւ փոխնախարարը:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ եթէ կայ կարելիութիւն, որ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեխաներ տեղափոխուին ընտանիք, պէտք է այդ գործընթացը խթանել ու այդ ճանապարհին արհեստական ոչ մէկ խոչընդոտ յարուցել: