ԵՐԵՒԱՆ.- «Ինժեներական քաղաք» (ճարտարագիտութեան քաղաք-Խմբ.) ստեղծելու նպատակով, կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 10 Յունուարի նիստին երեք հեկտար մակերեսով հողամաս նուիրեց փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարութեան: Քաղաքի գործունէութիւնը պիտի սկսի 2021ի սկիզբը:
Յատկացուած հողամասը, որ կը գտնուի Նոր Նորք վարչական շրջանի Բագրեւանդ փողոցին վրայ, պիտի հանդիսանայ Երեւանի համայնքային սեփականութիւն:
Ըստ նախարարութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ «քաղաք»ի վայրի ընտրութիւնը պատահական չէ. քիչ անդին ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ գործող մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէ արդէն իսկ կառուցուած են ճարտարագիտական կեդրոնը, ճարտարագիտական գրադարանը, Տիեզերքի ու Գիտութեան եւ արհեստագիտութեանց թանգարանները:
«Ինժեներական քաղաք»ի ստեղծման համար այնտեղ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններուն պիտի նուիրուի կառավարութեան յատկացուցած հողամասէն տարածքներ:
Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը «Ինժեներական քաղաք» ստեղծելու որոշում տուած էր 1 Մարտ 2018ին:
«Ինժեներական քաղաք»ը ծրագրուած է՝ նպաստելու համար Հայաստանի մէջ ճարտարագիտութեան եւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտի զարգացման գործին: Այս տարածքին վրայ պիտի տեղակայուին եւ կեդրոնացուին ճարտարգիտութեան եւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւնները:
Ծրագիրի իրականացման համար կը նախատեսուի 21.2 միլիոն տոլարի ներդրում՝ պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ: