ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հայց. Առաքելական եկեղեցին Երկուշաբթի, 14 Յունուարին պիտի նշէ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։
Կիրակի, 13 Յունուարին, որ նաեւ տօնն է Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ իր պատգամը ու պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւն։ Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական ճաշկերոյթը։
Այս առիթով, հոգաբարձութիւնը գնահատանքի կ՛արժանացնէ եկեղեցւոյ ու հայ համայնքին բազմամեայ ծառայութիւն մատուցող հայորդիներ։ Այս տարի պատիւի պիտի արժանանայ Յակոբ Առաքելեան, որ եկեղեցւոյ կողքին, տարիներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ «Ռաֆֆի» Ռումանահայ հայրենակցական եւ մշակութային միութեան։
Առաջնորդ սրբազան հայրը մեծարեալին պիտի շնորհէ օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր մը։