Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եւ համաձայն «Արարատ Տան» բնակիչներուն հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելու Ազգային առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2018ի առաւօտուն, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ու Թեմիս հոգեւոր դասուն, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ։
Առաջնորդ սրբազանը եւ հոգեւորականաց դասը առաջին հերթին հիւրընկալուեցան հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Ս. Ծննդեան յատուկ շարականներով ու երգերով։ Հաստատութեան բնակիչներէն Պետրոս Սէֆէրեան, որ նոյն օրը հիւանդանոց կը գտնուէր, հաւատարիմ մնալով տարիներու իր աւանդութեան, նամակով մը շնորհաւորած էր առաջնորդ սրբազանին եւ հոգեւոր դասուն Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը՝ նշելով. «Կարօտը ունինք Անթիլիասի Մայրավանքի կամարներուն ներքեւ պատրաստուած անուշաբոյր Միւռոնի օրհնութեան…»։ Խօսք առաւ հիւանդանոցի բաժինի վարիչ Մարկարիթա Քէշիշեան, որ ողջունեց հոգեւոր հայրերուն ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին ու հոգեւորականաց դասուն, որ այս տարի եւս, ինչպէս այլ տօնական օրերու, հոգեւոր մատակարարութեամբ պայծառացուցին «Արարատ Տան» բնակիչներուն ամանորի եւ Ս. Ծննդեան մթնոլորտը։ Աւարտին, բնակիչները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։
Այնուհետեւ, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ հաստատութեան մատրան մէջ. պատարագիչն էր Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ Ս. Ծննդեան աւետիսը տուաւ բնակիչներուն ու հաստատութեան պատասխանատուներուն, վեր առնելով տօնին խորհուրդը: Պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Խաչի կնքահայրն էր հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեան։
Ապա, հոգեւոր հայրերը անցան հաստատութեան բնակարանային բաժինը, ուր Ս. Ծննդեան շարականի երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։ Առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը սիրոյ սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ: «Արարատ Տան» պատասխանատուներէն Տերիք Ղուկասեան եւ Ռիթա Նորաւեան արտայայտեցին բարեմաղթութիւններ։
Նշենք, որ արարողութիւններէն առաջ եւ ետք, առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ տօնական օրերու առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց, բնակիչներուն ու պատասխանատուներուն մաղթելով առողջութիւն, երջանկութիւն եւ արեւշատութիւն։
(Թղթակցութիւնը՝ Առաջնորդարանէն)