Քանի մը օր առաջ, Ղազախստանի Քարականտա քաղաքի «Հին Հռոմ» ճաշարանին մօտ 23ամեայ երիտասարդ մը սպանուած էր: Կասկածեալ Նարեկ Գուրուրեանի (1997ի ծնունդ) նկատմամբ հանրապետական հետախուզում յայտարարուած է: 3 այլ ձերբակալուածներու նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է բանտարկութիւնը։
«Ոստիկանութեան հետախուզական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուել եւ ձերբակալուած են 3 անձեր՝ Թորգոմ Մալխասեան, Սամուէլ Մալխասեան եւ Նադիրբեկով Քայիր Խամիտովիչ: Նաեւ հետախուզում յայտարարուած է Նարեկ Գուրուրեանի նկատմամբ», կ՛ըսուի Քարականտայի մարզի ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ: